Նախորդ շաբաթավերջին Հունգարիոյ Պուտափեշթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ աղջկանց 16 տարեկանէն վար Գ. դասակարգի եւ տղոց 20 տարեկանէն վար Բ. դասակարգի Եւրոպայի 2015-ի ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ճիպրալթարի եւ Կալեսի հաւաքականները:
Իսկ տղոց 20 տարեկանէն վար հաւաքականը, որ մաս կազմեց Գ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պիելոռուսիան, Մակեդոնիան եւ Շուէտը:


