Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Աթէնքի Մէջ Գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբերու Խորհրդաժողովը

December 1, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1130haj-datՄէկ ազգ, մէկ պայքար գաղափարական առաջադրանքով գործելու եւ Եւրոպայի տարածքին Հայ դատի պահանջատիրութեան աշխատանքները համակարգելու նպատակով, Աթէնքի մէջ 29-30 նոյեմբերին կազմակերպուեցաւ երկօրեայ խորհրդաժողով` ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ եւ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի կազմակերպութեամբ:

Ներկայ եղան Եւրոպայի տարածքին գործող Հայ դատի յանձնախումբերու (Յունաստան, Պուլկարիա, Կիպրոս, Ռումանիա, Շուէտ, Գերմանիա, Աւստրիա, Պելճիքա, Հոլանտա, Ֆրանսա, Սպանիա) ներկայացուցիչներ, ՀՅԴ Յունաստանի կառոյցի ընկերներ եւ Երիտասարդական միութեան անդամներ:

Նախքան խորհրդաժողովի աշխատանքներուն սկիզբը` տեղի ունեցաւ բացման պաշտօնական արարողութիւն, որուն ներկայ եղան Յունաստանի թեմակալ առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն արք. Տողրամաճեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, Յունահայոց Ազգային վարչութեան, Հայ Կապոյտ խաչի, Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի շրջանային վարչութեանց ներկայացուցիչները:

Բացումը կատարեց Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ  Գասպար Կարապետեան, ապա ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քերոբ Էքիզեան, թեմակալ առաջնորդ սրբազան հայրը, ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը: Ելոյթներուն մէջ շեշտուեցաւ Հայաստանի-Արցախի-Ջաւախքի եւ սփիւռքահայութեան հարցերը ուժականութեամբ յառաջ մղելու եւ արդիւնաւէտ ու համակարգուած արդիւնքներ ապահովելու հրամայականը:

1130_atenqԿարճ դադարէ մը ետք ժողովը շարունակեց իր աշխատանքները շուրջ 75 մասնակիցներու ներկայութեամբ, երկու օրերու ընթացքին քննարկելով իր օրակարգին վրայ դրուած հարցերը`

ա) Թուրք-ազրպէյճանական ներթափանցումը եւ հակահայ քարոզչութիւնը եւրոպական երկիրներուն մէջ:

բ) Արցախի պետութեան հզօրացում եւ միջազգային ճանաչում:

գ) Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուող հարցեր (ճանաչում, ժխտումի քրէականացում, հատուցում):

դ) Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւն:

ե) Համաեւրոպական կազմակերպութիւններու մէջ նախաձեռնութիւններ:

զ) Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցեր:

է) Զանգուածային լրատուական միջոցներ եւ հանրային կարծիքի ձեւաւորումի քաղաքականութիւն:

Ժողովը լսեց նաեւ մասնակից Հայ դատի յանձնախումբերու` նախորդ խորհրդաժողովէն` 2013 յունիսէն ի վեր աշխատանքներու մասին, ուր անդրադարձ եղաւ նաեւ սուրիահայութեան օժանդակութեան ուղղուած ծրագիրներուն:

Օրակարգային հարցերուն համարժէքօրէն արձագանգելու համար` համակարգուած ու յաւելեալ ճիգեր դնելու անհրաժեշտութիւնը շեշտուեցաւ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն կողմէ, որոնց քննարկումները ծանրացան նոր ժամանակներու եւ իրողութիւններուն համաքայլ ընթանալու մտահոգութեամբ:

ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ

30 նոյեմբեր, 2014
Աթէնք, Յունաստան

 

Նախորդը

Հանդիպում Յունաստանի Պաշտպանութեան Նախարար Նիքոս Տենտիասի Հետ

Յաջորդը

Պոլիվիոյ Խորհրդարանը Միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը Ընդունած Է

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.