Քրտական Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Թուրքիոյ մէջ քրտական հարցի լուծման բանակցութիւնները նոր հանգրուան մը թեւակոխած են. ընթացող բանակցութիւններուն ընթացքին գոյացած է «բանակցութեան շրջագիծի սղագիր» մը: Նշենք, որ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը շաբաթ օր Իմրալիի մէջ այցելած էր ՔԱԿ-ի արգելափակեալ ղեկավար Ապտիւլլա Օճալանի:
Վերոնշեալ հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ. «Օճալան յայտնեց, որ ինք եւ պետական պատուիրակութիւնը քննարկած են իր` «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարական բանակցութեան հոլովոյթի սղագիր»-ը եւ գոյացուցած են համաձայնութիւն շրջագիծի մը շուրջ, որուն հիմամբ բանակցութիւններու կրնայ ձեռնարկուիլ»:
Կը հաղորդուի, որ շրջագիծը կազմուած է երեք գլխաւոր վերնագիրներէ` «առաջարկներ լուծումի մը համար, բանակցութեան գլուխներ եւ քայլերու ծրագիր»: Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը հաղորդեց, որ մօտ օրէն այդ սղագիրը քննարկման համար պիտի ներկայացուի հասարակութեան, ապա պիտի վերադարձուի Օճալանի, որպէսզի իր նկատողութիւնները արձանագրէ:
Կուսակցութիւնը նշեց, որ ժողովրդավարական լուծումի մը համար իրաւաբանական երաշխիքներ ապահովելը կենսական կարեւորութիւն ունի, իսկ խաղաղութեան ու ժողովրդավարութեան վրայ հիմնուած վերջնական լուծումի մը կարելի չէ հասնիլ, եթէ այդ երաշխիքները չապահովուին:
Կուսակցութիւնը յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ Թուրքիոյ իշխող կուսակցութիւնը իր պատասխանատուութեան տէրը կանգնի` յանուն խաղաղութեան հոլովոյթին գործնական եւ օրէնսդրական քայլեր առնելով:
Կառավարութեան կողմէ առաջին հակազդեցութեամբ մը փոխվարչապետ Եալչըն Աքտողան ըսաւ. «Գնացքը այժմ երկաթուղիին վրայ է, սակայն ի՞նչ բան պիտի ազդէ անոր արագութեան վրայ: Առնուելիք քայլերը եւ անկեղծութիւնը պիտի ազդեն անոր արագութեան վրայ: Այսպիսի հոլովոյթներու ընթացքին անկեղծութեան, վճռակամութեան եւ քաջութեան կարիք կայ»:
Օճալան յայտարարութիւն մը հրապարակելով ըսաւ. «Եթէ լուծման կէտերը, որոնք համաձայնեցուած էին կողմերուն միջեւ, ճշդապահօրէն կատարուին, ապա առաւելագոյնը 4-5 ամիսէն ժողովրդավարական լուծում մը պիտի գոյանայ, որ պիտի որոշէ ամբողջ Միջին Արեւելքի ապագան: Եթէ համարձակութիւնը բաւարար չըլլայ, ապա ատիկա պիտի խորացնէ քաոսը եւ նոր բախումներու պիտի յանգեցնէ»:
Օճալան Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ իր չորս ժամնոց հանդիպումին ընթացքին քննարկած է քրտական հարցի լուծումը, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան քաղաքականութիւնը, Քրտական ազգային քոնկրեսի աշխատանքը, Միջին Արեւելքի` յատկապէս Սուրիոյ քրտական ինքնավար շրջանին մէջ զարգացումները:


