
Ընտրական օրէնքի նախագիծ մը պատրաստելու յատուկ խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ խորհրդարանին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի:
Նիստին ներկայ գտնուեցան Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզի, Ալի Ֆայեատ, Ժորժ Ատուան, Սամի Ժեմայէլ, Էմիլ Ռահմէ, Ալեն Աուն, Սերժ Թուրսարգիսեան, Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ Զիատ Քատիրի:
Բացակայեցաւ երեսփոխան Մարուան Համատէ:
Նիստէն ետք Ղանեմ վերահաստատեց, որ իրենք աշխատանքը սկսած են քննարկելով երեսփոխան Ալի Պեզզիի առաջարկած ընտրական օրինագիծը, որուն մասին տեսակէտներ փոխանակած են եւ որուն շուրջ կրնան կա՛մ համաձայնիլ եւ կա՛մ համախոհութեամբ բարեփոխումներ կատարել անոր վրայ:
«Այդ պարագային կրնանք արդիւնքի մը յանգիլ` գիտնալով հանդերձ, որ այս ենթայանձնախումբը վերջնական որոշում մը տալու ենթայանձնախումբ մը չէ: Այս իմաստով վերջնական որոշումը պիտի տրուի խորհրդարանի լիագումար նիստին կողմէ, դեկտեմբեր ամսուան աւարտին», ընդգծեց Ղանեմ:
Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբին բոլոր անդամները իրենց տեսակէտներն ու դիտողութիւնները ներկայացուցած են` նկատի ունենալով սիւննի-շիի կացութիւնը, Լեռնալիբանանի մէջ տիւրզի համայնքին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքին իւրայատկութիւնները, որոնք պէտք է նկատի առնուին ընտրական իւրաքանչիւր օրինագիծի քննարկումի պարագային:
Ղանեմ յայտնեց, որ ենթայանձնախումբը իր յաջորդ նիստը պիտի գումարէ յաջորդ շաբթուան ընթացքին, երեսփոխան Մարուան Համատէի Լիբանան ժամանումէն ետք, որպէսզի քննարկէ ընտրական օրէնքին համամասնական կամ մեծամասնական դրութիւնն ու ընտրաշրջաններուն կապուած շարք մը հարցեր:
Ղանեմ նշեց, որ իր կարծիքով, երբ երկրին սահմանադրութեամբ կը պարտադրուի տարբեր համայնքներուն միջեւ հաւասարութիւն գոյացնելու կարեւորութիւնը, ապա անհրաժեշտ է որդեգրել համամասնական դրութիւնը:
«Ի վերջոյ իբրեւ ենթայանձնախումբ մեր առաքելութիւնն է տեսակէտներու մերձեցում կատարել եւ ոչ թէ ընտրական օրէնքին իմաստով վերջնական որոշում որդեգրել», ըսաւ ան:


