«Տիար» օրաթերթին համաձայն, եթէ չորս մարոնի ղեկավարները` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ Պքերքէի մէջ հանդիպում մը ունենան եւ որոշեն, թէ իրենցմէ ո՛վ նախագահ պիտի ընտրուի, ապա ատիկա կարելի պիտի չըլլայ առանց արտաքին արտօնութեան:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, ամերիկեան-իրանեան հաւանական համախոհութեան իբրեւ արդիւնք` Ֆրենժիէ կրնայ նախագահ ընտրուիլ, նկատի ունենալով չափաւորականութեան խորհրդանիշ ըլլալու անոր յատկանիշը:


