Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք պատրաստ է Հըզպալլայի հետ երկխօսութիւն կատարելու` հիմնական նպատակ ունենալով Լիբանանի ազգային շահերուն ապահովումը:
Ան նշեց, որ երկխօսութիւնը սկսելու թուականը տակաւին յստակ չէ` աւելցնելով, որ երկխօսութեան օրակարգին համադրումը կը կատարեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ:
Հարիրի յայտնեց, որ տակաւին շատ կանուխ է իր եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի միջեւ հանդիպում մը ակնկալելը` աւելցնելով, որ երկխօսութիւնը պիտի կատարուի Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի պատասխանատուներուն միջեւ:
Հարիրի շեշտեց, որ կատարուելիք այս երկխօսութիւնը բաւական լուրջ է եւ արդիւնաբեր պիտի ըլլայ: «Պէտք է նաեւ բոլորին համար յստակ ըլլայ այն իրականութիւնը, որ այս երկխօսութեան լոյսին տակ նախագահական ընտրութիւն կարելի պիտի չըլլայ կատարել: Ճիշդ է, որ մենք թեկնածու ունինք. ան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահն է, սակայն քանի մը անգամ նախագահական նիստին խոչընդոտումէն ետք Ժահժահ իր կարգին պատրաստակամութիւն յայտնեց իր թեկնածութենէն զիջելու: Իսկ մենք բազմիցս հաստատեցինք, որ ոչ մէկը վեթոյի ենթարկած ենք եւ նկատի ունենալով, որ Սամիր Ժահժահի եւ զօր. Միշել Աունի ընտրութիւնը անկարելի է, ապա կոչ կ՛ուղղենք համախոհական թեկնածուի մը շուրջ համաձայնելու», ըսաւ Հարիրի:
Լիբանանեան բանակին տրամադրուելիք իրանեան օժանդակութեան մասին Հարիրի յայտնեց, որ լիբանանցիներուն համար մեծագոյն օժանդակութիւնը կ՛ըլլայ Թեհրանի կողմէ Հըզպալլայէն պահանջելը, որ հեռանայ Սուրիայէն եւ վերջ տայ սուրիական պատերազմին իր միջամտութիւնը:
Լիբանանեան բանակին զօրակցութեան իմաստով Սաատ Հարիրի ընդգծեց, որ իրենք կատարեալ զօրակցութիւն կը ցուցաբերեն բանակին` աւելցնելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ բանակին տրամադրուած սէուտական թագաւորական օժանդակութեան ծրագիրը գործադրելու իմաստով:
Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ Թրիփոլին, Ապրան եւ Արսալը չափաւորականութեան գագաթնակէտը կը ներկայացնեն` ընդգծելով, որ ինք դէմ է բանակին դէմ արտայայտուած Մուսթաքպալ հոսանքի ոեւէ անդամի, ըլլայ ան սովորական քաղաքացի թէ երեսփոխան` հաստատելով, որ այս իմաստով ինք խօսած է երեսփոխաններ Խալետ Տահերի եւ Մույին Մերեհպիի հետ:
Լիբանան իր վերադարձին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի յայտնեց, որ այդ մէկը ինք կ՛որոշէ եւ աւելցուց, որ իր վերադարձը չափազանց մօտալուտ է:
ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼՈՎ Հարիրիի հարցազրոյցին` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ ճռուողեց ըսելով, որ Հարիրի ապացուցած է, թէ ինք պետական այր է եւ խիստ մտահոգ է Լիբանանի ապահովական կայունութեամբ:


