
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց ամբողջ հոգը այն է, որ քրիստոնեայ համայնքը միասնական ըլլայ` Լիբանանը պահպանելու առումով, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ դնէ մշակելու համար ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ հաւասարութիւն եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն երաշխաւորէ:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն, որ շնորհաւորեց պատրիարքը` անոր Լիբանան վերադարձին առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Խալիլ Հրաուի եւ Իպրահիմ Տահեր, որոնք Ռայի պատրիարքին հետ քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Ռայի պատրիարքը ընդունեց նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան Լեռնալիբանանի պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Ռիշար Հըլուն:


