Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի դատապարտեց «սուրիական վարչակարգի օդանաւերուն կողմէ անցեալ երեքշաբթի օր Ռաքքայի դէմ կատարուած օդային հարուածները, որոնք պատճառ դարձան տասնեակներով քաղաքայիններու սպանութեան եւ բնակութեան ամբողջ շրջանի մը քանդման»:
Փսաքի հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նշեց. «Ասատի վարչակարգը կը շարունակէ մարդկային իրաւանց ու միջազգային օրէնքի բացայայտ ոտնահարումները»:
Փսաքի յայտնեց, որ Ուաշինկթըն մտահոգ է «սուրիական վարչակարգի օդանաւերուն կատարած օդային հարուածներու գործողութիւններով»` վստահեցնելով, որ իր երկիրը յանձնառու կը մնայ սուրիական ընդդիմութեան աջակցութեան եւ սուրիական ճգնաժամին քաղաքական լուծումի մը հասնելու համար աշխատանքին նկատմամբ:
Միւս կողմէ, լաւատեղեակ աղբիւրներ «Մայատին»-ին յայտնեցին, որ Քաթար, Միացեալ Նահանգներու օժանդակութեամբ, գաղտնաբար կը մարզէ սուրիական չափաւորական ընդդիմութենէն զինեալներ: Ըստ աղբիւրներուն, մարզումներու ճամբարը կը գտնուի Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի հարաւը` սէուտական սահմանին եւ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան օդուժի մեծագոյն ռազմակայան Ատիտի մօտ:
Սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւրներ յայտնեցին, որ մարզումի ենթարկուողները Սուրիական ազատ բանակի` հիւսիսային Սուրիայէն զինեալներ են, մարզումները սկսած են շուրջ մէկ տարի առաջ եւ կը տեւեն երկու-երեք ամիս, որմէ ետք զինեալներու նոր խմբակ մը կը ներկայանայ ճամբար, սակայն մարզումի ենթարկուածներուն զէնքեր չեն մատակարարուիր:


