
«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Ֆրանչիսկոս պապի այցելութեան նախապատրաստուած են` անվտանգութեան խիստ միջոցառումներու ձեռնարկելով:
Այսօր սկիզբ առնելիք այցելութիւնը պիտի տեւէ երեք օր: Անգարայի մէջ պապին անցնելիք ճամբուն պիտի վերահսկէ հազար ոստիկան: Ընդհանուր առմամբ, պապի անվտանգութեամբ պիտի զբաղին 2700 իրաւապահներ, պիտի ներգրաւուին տասնեակ մը յատուկ մեքենաներ: Թուրքիոյ դատական իշխանութիւնները արտօնած են այդ օրերուն զննել բոլոր այն մարդիկը, որոնք կասկածելի կը թուին իրաւապահներուն:
Երեք օրուան ընթացքին Ֆրանչիսկոս պապը հանդիպում պիտի ունենայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Թուրքիոյ հոգեւոր առաջնորդ Մեհմեթ Կէօրմեզի հետ: Պոլսոյ մէջ կաթողիկէներու մայր տաճարին մէջ ներկայ պիտի գտնուի ժամերգութեան, պիտի հանդիպի յոյներու պատրիարք Բարթողիմէոս Ա.-ին, արեւելեան եկեղեցիներու ղեկավարներուն: Կ՛ակնկալուի նաեւ անոր այցելութիւնը Աթաթուրքի դամբարան, Ս. Սոֆիա տաճար եւ Պոլսոյ Կապոյտ մզկիթ:
Չորեքշաբթի օր Ֆրանչիսկոս պապը Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ աղօթելով` հաւատացեալներէն խնդրած է աղօթել Թուրքիա իր ուղեւորութեան համար, որովհետեւ ատկէ խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն կ՛ակնկալէ Թուրքիոյ կրօնական եւ ազգային համայնքներուն համար:
Ան պիտի ըլլայ չորրորդ պապը, որ կ՛այցելէ Թուրքիա: Յիշեցնենք, որ Յովհաննէս-Պօղոս Բ. պապը թուրք ազգայնական Աղճայի կողմէ մահափորձի ենթարկուելով վիրաւորուած էր:


