
Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ ինք դէմ չէ հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններուն երկարաձգման, որովհետեւ արդէն սկիզբէն անոր դէմ չէ եղած: «Եթէ հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները ապարդիւն մնան, ապա մեծագոյն վնասուողը Ամերիկան պիտի ըլլայ եւ ոչ թէ Իրանը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Իրան պիտի չվնասուի, եւ անոր դիմաց լուծումի ճամբան «դիմադրողական տնտեսութիւնն է»:
Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններէն օգտուիլ իրենց ներքին հարցերը լուծելու համար: Խամենէի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրենց նամակներուն եւ անջատ հանդիպումներուն ընթացքին մէկ ոճով կը խօսին, իսկ հրապարակաւ` այլ ոճով, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր օր այլ ձեւով կը խօսին:
Խամենէի յայտնեց, որ իրանեան բանակցող պատուիրակութիւնը բազմաթիւ լուրջ ջանքեր կը թափէ եւ տրամաբանութեամբ կը տոկայ ճնշումներուն դիմաց:
«Արդար եւ տրամաբանական համաձայնութիւնները կ՛ընդունինք, սակայն ոչ թէ կարծիքի պարտադրումը կամ ոչ տրամաբանական պահանջները», ըսաւ ան:


