«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Տոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ալեքսանտր Քոֆման մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան իշխանութիւնները Աբխազիոյ հետ համաձայնած են ռուսամէտ զինեալները բուժման համար Աբխազիա ուղարկելու շուրջ, նաեւ Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութիւնը մարդասիրական օգնութիւն պիտի ստանայ Աբխազիայէն:
«Բանակցեցանք, համաձայնեցանք Աբխազիայէն մարդասիրական օգնութեան մատակարարումներու եւ մեր զինեալները Աբխազիա բուժման ուղարկելու շուրջ», ըսած է Քոֆման:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ երկու չճանչցուած հանրապետութիւնները նաեւ բանակցութիւններ կը վարեն Աբխազիոյ կողմէ ճանաչման շուրջ: «Այդ ճանաչումը սարերու ետին չէ: Մօտիկ ապագային Տոնեցքի ժողովրդային հանրապետութեան պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Հարաւային Օսեթիա եւ Աբխազիա: Մենք կ՛ուզենք անդամակցիլ չճանչցուած պետութիւններու միութեան, նպաստել ատոր ընդլայնման եւ ուժեղացման», աւելցուցած է Քոֆման:


