«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Այտըն Սեզկին յայտարարած է, որ Ռուսիա կը հանդիսանայ Թուրքիոյ գլխաւոր ռազմավարական գործընկերը եւ միջինարեւելեան շրջանին մէջ իբրեւ յառաջատար երկիր դիրքերը ամրապնդելու իր ձգտումին մէջ Թուրքիա կը կողմնորոշուի յատկապէս դէպի Ռուսիա եւ ոչ թէ եւրոպական երկիրներ:
Սեզկին այս յայտարարութիւնը կատարած է Թաթարիստանի ղեկավար Ռասթամ Միննիխանովի հետ ռուս եւ թուրք գործարարներու մասնակցութեամբ հանդիպումին ընթացքին:
«Թուրքիա կը ձգտի միջինարեւելեան շրջանին մէջ ռազմավարական յառաջատար դառնալ: Ռուսիոյ դաշնակցութեան հետ յարաբերութիւնները պէտք է բոլոր մարզերուն մէջ կառուցուին շատ աշխուժօրէն: Այլապէս հասնիլ այն քաղաքական նպատակներուն, որոնք դրած են մեր քաղաքական ղեկավարները, շատ բարդ է: Շարժելով դէպի այդ նպատակը, նախ եւ առաջ մենք կը կողմնորոշուինք դէպի մեր հիւսիսային դրացիները` Ռուսիոյ դաշնակցութիւնը, այլ ոչ թէ եւրոպական երկիրները: Ի հարկէ, Ռուսիոյ դաշնակցութիւնը մեզի համար կը հանդիսանայ գլխաւոր ռազմավարական գործընկեր», ըսած է ան:
Թուրք դեսպանը նշած է, որ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ դարերէ ի վեր պատմական եւ դիւանագիտական կապեր գոյութիւն ունին, եւ «այդ կապերը շատ ամուր են, եւ զանոնք խզելը անկարելի է»:
Ընթացիկ պատմական պահը Սեզկին անուանած է «իւրայատուկ», որովհետեւ այժմ երկու երկիրներուն միջեւ ե՛ւ տնտեսական, ե՛ւ քաղաքական կապերը կը գտնուին շատ բարձր մակարդակի վրայ:


