«Ազդակ»-ի գեղանկարներու հաւաքածոն հարստացաւ նոր գեղանկարով մը եւս: Արդարեւ, լիբանանահայ երիտասարդ գեղանկարիչ Թալին Քէշիշեան իւրայատուկ գործ մը նուիրեց «Ազդակ»-ին: «Հայրերուն համար» անունը կրող գեղանկարը իբրեւ երիտասարդ արուեստագէտի ստեղծագործութիւն կ՛աւելնայ անուանի գեղանկարիչներու ստորագրութիւններով յատկանշուող «Ազդակ»-ի հաւաքածոյին ներառուած գործերուն վրայ:
Շնորհակալութիւն Թալին Քէշիշեանին:


