Իր լուրը քաղելով Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Հայաստան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2015-ի ամրան տեղի ունենալիք 16 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Հայաստան իր մասնակցութեան մասին պաշտօնապէս տեղեկացուց ՖԻՊԱ – Եւրոպային:
Հայաստան ելոյթ պիտի ունենայ Գ. դասակարգին մէջ, որուն մրցումները տեղի պիտի ունենան Անտորրայի մէջ:
Ախոյեանութեան վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 30 նոյեմբերին` Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ:


