Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին եւ Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ Սարգիս Յովսէփեան նշանակուեցաւ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ:
Նշենք, որ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը կը գլխաւորէր Աբրահամ Տաշմանեան: Սակայն ֆետերասիոնին հետ անոր ստորագրած պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ, երբ Եուրօ-2015-ի զտումի մրցումները աւարտեցան:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով Յովսէփեանի փոխարէն 19 տարեկանէն վար հաւաքականի նոր մարզիչ նշանակուեցաւ պելճիքացի Մարք Լելեվրը:
Ան ներկայիս կը գլխաւորէ Հայաստանի 15 տարեկանէն վար հաւաքականը:


