
Անգարա Ուաշինկթընին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ յղած է նոր «պատգամ» մը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ այդ հարցը Քոնկրեսի օրակարգ բերելու որեւէ քայլ բացասաբար պիտի անդրադառնայ իրենց յարաբերութիւններուն վրայ:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթին բնութագրումով` այդ մեղմ ուղերձը իրականութեան մէջ կը նշանակէ, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ 2015-ին ցեղասպանութեան պնդումները իրաւական հարթութիւն տեղափոխէ, Թուրքիան երկու երկիրներու յարաբերութիւնները արմատապէս վերատեսութեան պիտի ենթարկէ:
2015-ի ընդառաջ Թուրքիան քայլերու կը ձեռնարկէ` հայկական լոպիի քայլերուն ազդեցութիւնը նուազեցնելու նպատակով: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ հանդիպում ունեցած է Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պասի հետ:
Ան նշած է. «Հայկական սփիւռքը 1915-ի դէպքերուն առնչութեամբ երրորդ երկիրներու խորհրդարաններէն աջակցութիւն ստանալու եւ զայն ճանչնալ տալու ուղղութեամբ աշխատանքներ կը կատարէ»:
Չաւուշօղլու զգուշացուցած է, որ ցեղասպանութեան հարցը Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիր մարմիններու օրակարգ բերելը պիտի ազդէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ:
Թրքական օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Հայաստանն ու արեւմտեան կարգ մը երկիրներու հայկական սփիւռքը «1915-ի դէպքերը կը փորձեն Արեւմուտքի խորհրդարաններ տեղափոխել եւ օրակարգ բերել»: Իսկ Թուրքիա անոնց քայլերը կանխարգիլելու համար միջոցառումներու կը ձեռնարկէ:


