Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնք Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ կը շարունակեն իրենց նստացոյցը, յայտնեցին, որ իրենք անակնկալի մատնուած են ի տես այն իրականութեան, որ Հըզպալլա կրցած է ազատ արձակել սուրիական զինեալ կազմակերպութիւններէն մէկուն կողմէ առեւանգուած իր մարտիկներէն մէկը:
«Այդ լուրը մեզի յուսալքեց եւ շշմեցուց, հետեւաբար մենք որոշեցինք ուրբաթ առաւօտեան սկսիլ մագլցողական քայլերու», հաստատեցին անոնք` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը իրենց զաւակները ազատ արձակելու առումով յստակ որոշում մը պէտք է տայ:
Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները հաստատեցին, որ իրենք յաւելեալ սուտեր չեն կրնար հանդուրժել, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայէն խնդրեցին վերադարձնել նաեւ իրենց զաւակները, այնպէս ինչպէս կրցած էր վերադարձնել իր մարտիկներէն Իմատ Այեատը:
Նշենք, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ նախագահեց առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով գործող յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան այդ թղթածրարին վերաբերող զարգացումները:
Վարչապետ Սալամ յանձնախումբին փոխանցեց իր ցուցմունքները` գոյացած նոր տուեալներուն լոյսին տակ, եւ թելադրեց այդ առաքելութեան մանրամասնութիւնները գաղտնի պահել` յանգելու համար պահանջուած արդիւնքներուն:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց
Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Մախզումի ողջունեց վարչապետ Սալամի ջանքերը` նախագահական ընտրութիւնը արագացնելու իմաստով:


