Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ սկսաւ Կիպրոս իր պաշտօնական միօրեայ այցելութեան, որուն ընթացքին հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիսի հետ` ներկայութեամբ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Եուանիս Քաթոլիտիսի, կիպրական կառավարութեան բանբեր Նիքոս Խրիսթոտուիլտեսի, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Եուսեֆ Սատաքայի եւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաւրոմաթիսի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս միջազգային ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հոլովոյթին մէջ գործակցութեան հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Կիպրոսի նախագահը ներկայացուց կիպրական ջուրերուն մէջ գտնուող տնտեսական շրջանին դէմ գործուող թրքական ոտնձգութիւնները: Իր կարգին, Պասիլ ներկայացուց Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը:
Ապա Պասիլ ուղղուեցաւ Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կիպրացի իր պաշտօնակիցին` Եուանիս Քաթոլիտիսի հետ:
Հանդիպումէն ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ այս այցելութեան նպատակն է լիբանանեան-կիպրական երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործադրութիւնը:
Ան նշեց, որ Լիբանան եւ Կիպրոս ենթակայ են ահաբեկչութեան` աւելցնելով, որ Լիբանանը Եւրոպայի դարպասն է` դէպի Միջին Արեւելք:
Անդրադառնալով երկու երկիրներուն մէջ գտնուող բնական կազի եւ քարիւղի հարստութիւններուն` Պասիլ շեշտեց, որ անոնք ենթակայ են ուղղակի եւ անուղղակի ոտնձգութիւններու` ընդգծելով, որ գերիշխան պետութիւնները իրենց տնտեսական շրջանի սահմանները ահաբեկչութենէ պաշտպանելու իրաւունք ունին:
Ասուլիսին աւարտին Պասիլ կիպրացի իր պաշտօնակիցը հրաւիրեց Լիբանան:


