Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ետդարձ Մը Կամ Առնուազն Շահաւէտ Կեցուածք Մը

November 27, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1127_vahoԿը թուի, թէ 2015-ը արդէն իսկ սկսած է գործել իր ազդեցութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախապատրաստուելու ծիրին մէջ` թրքական կողմը կը փորձէ հանդուրժողականի փետուրներ հագուելով պաշտպանուիլ եւ իր այդ ջանքին մէջ կատարած է ետդարձ մը:

Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմեր Չելիք Պրիւքսէլի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ 2015-ի ամրան տեղի ունենալիք «Եուրոփալիա» փառատօնին հիւրի կարգավիճակով մասնակցող իր երկիրը հանրութեան պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ մշակութային ժառանգութիւնը` թէ՛ թուրքերու, թէ՛ հայերու, քիւրտերու, հրեաներու եւ այլ ազգային փոքրամասնութեանց կերտած մշակոյթը: Ըստ նախարարին, անոնք «բոլորը միասին կերտած են Անատոլուի մշակոյթը: Զանոնք բոլորը պիտի ներկայացնենք իբրեւ մէկ օրկանական ամբողջութիւն»: Փառատօնին պիտի մասնակցին թրքահայ արուեստագէտներ, գրականագէտներ, գրողներ, շարժանկարի մասնագէտներ եւ ճարտարապետներ, որոնք հանրութեան պիտի ներկայացնեն հայկական մշակութային արուեստը, պիտի ցուցադրուին վերականգնուած եկեղեցիներու լուսանկարները: Վերջիններուս թիւը մեծ չէ, ինչ որ մտածել կու տայ, որ թրքական իշխանութիւնները պիտի ջանան մինչ այդ անոնց թիւը բարձրացնել:

Մինչեւ հիմա ամէն ինչ իբրեւ թրքական կը ներկայացուէր. Անին թուրքերուն կառուցած քաղաքն էր, անոր եկեղեցիները` քրիստոնեայ թուրքերունը, իսկ այժմ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարը անուղղակի կերպով կը խոստովանի, որ տասնամեակներով շարունակ յառաջ քշուած այդ թեզը սուտ էր, եւ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը 2015-ի ամրան նախատեսուած Եւրոպայի ամէնէն յայտնի մշակութային ու արուեստի միջազգային փառատօներէն մէկուն ընթացքին մտադիր է սրբագրել այդ մէկը:

2015-ի ազդեցութեան չքացումէն ետք ճշմարտութեան «պետական տարբերակ»-ի վերականգնումը թէեւ դժուար պիտի ըլլայ, սակայն կարելի չէ բացառել` նկատի ունենալով թրքական իշխանութեանց անամօթութիւնը: Վերոնշեալ  փառատօնէն ետք Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարին հնչեցուցած կեցուածքէն որեւէ ետդարձ խիստ վարկաբեկիչ պիտի ըլլայ եւ մեծ վնաս պիտի պատճառէ Թուրքիոյ վարկին: Բացառուած չէ, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը այդ մէկը կատարէ նախքան փառատօնի ժամկէտը` թուրք նախարարին յայտարարութիւնը ներկայացնելով իբրեւ անոր անձնական կարծիքը: Յամենայն դէպս, Չելիքի յայտարարութիւնը, եթէ նոյնիսկ ետդարձ մը չէ, պիտի շարունակէ մնալ հայերուն համար քարոզչական գետնի վրայ շահաւէտ կեցուածք մը:

Նախորդը

«Ազդակ-2015»

Յաջորդը

Ֆապիւս Կոչ Կ՛ուղղէ Հալէպի Մէջ Ապահովական Գօտի Ստեղծելու Եւ Սուրիական Բանակին Դէմ «Թեքնիք» Օդային Հարուածներ Հասցնելու

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.