Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Տակաւին Լաւատես Է Նախագահական Ընտրութեան Ներքին Եւ Արտաքին Պայմաններով

November 25, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Օմախանով կը պարգեւատրէ Պըրրին
Օմախանով կը պարգեւատրէ Պըրրին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ այն Թինէի մէջ ընդունեց Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ խորհուրդի փոխնախագահ Էլիաս Օմախանովի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին եւ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու խորհրդատու Ալի Համտան:

Քննարկուեցան լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու խորհրդարաններուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

Հանդիպումին աւարտին Օմախանով Պըրրին պարգեւատրեց Ռուսիոյ խորհրդարանին մետալով եւ անոր յանձնեց Մոսկուա այցելութեան հրաւէր մը` յղուած  Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի նախագահին կողմէ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որ յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկած են Լիբանանի եւ Սուրիոյ իրադարձութիւնները եւ երկու երկիրներուն դիմագրաւած հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգները:

«Պըրրի հաւաստեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութիւնը

բաւական լուրջ են ընդհանրապէս ահաբեկչութեան եւ յատկապէս ահաբեկչական քնացած բջիջներուն դէմ իրենց պայքարին մէջ», ըսաւ Ալի:

Ան դիտել տուաւ, որ Պըրրի շեշտած է նաեւ Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` դիմադրելու համար ահաբեկչութեան:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան` ընկերակցութեամբ նախկին նախարար Ալի Քանսոյի:

Միւս կողմէ, Պըրրի հաստատեց, որ ինք տակաւին լաւատես է եւ ներքին ու արտաքին դրական նշոյլներ կը նկատէ նախագահական ընտրութեան առումով:

Ան լաւատեսութիւն յայտնեց նաեւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան մը սկսելու առումով` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի մասին Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը կամ Միջազգային դատական ատեանին մէջ արձանագրուած վկայութիւնները ոչ մէկ ձեւով պիտի խոչընդոտեն այդ երկխօսութիւնը:

Նախորդը

«Խորհրդարանը Օրինականութիւն Չունի» Կը Հաստատէ Համախմբումը

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Շարունակեց Հետապնդել Առեւանգուած Բանակայինները Ազատ Արձակելու Բանակցութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.