Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կոկիկեան» Հիմնադրամ. Արաբերէնի Փայլուն Ուսանողներու «Պայան» Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւնը

November 24, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1123_Gogig-24Կազմակերպութեամբ «Կոկիկեան» հիմնարկին, ուրբաթ, 21 նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ արաբերէնի փայլուն ուսանողներու «Պայան» մրցանակաբաշխումը:

Ներկայութեամբ պաշտօնական եւ ակադեմական անձնաւորութիւններու, դասախօսներու, ուսանողներու եւ անոնց ծնողներուն, սկիզբ առաւ ձեռնարկը լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ, որուն յաջորդեց «Կոկիկեան» հիմնարկի գործադիր տնօրէն Սուհէյլա Հայեքի ողջոյնի խօսքը: Հայեք շեշտեց լիբանանեան շրջանակին հետ շաղուելու կենսականութիւնն ու շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի յաջողութեան նպաստողներուն եւ յատկապէս հայկական վարժարաններու արաբերէնի ուսուցիչներուն ու «Պայան» մրցանակի դատական կազմի անդամներուն: Ապա ան բեմ հրաւիրեց օրուան պատուոյ հիւր, պատկերասփիւռի հաղորդավար Փոլա Եագուպեանը:

Փոլա Եագուպեան իր արտասանած խօսքին մէջ բարձր գնահատեց «Կոկիկեան» հիմնարկի եւ յատկապէս անոր նախագահ Միշել Կոկիկեանի տարած աշխատանքը ի նպաստ լիբանանահայ երիտասարդութեան: Եագուպեան իր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան ըսաւ. «Կ՛ուզեմ ըսել բոլոր երիտասարդներուն, որոնք կը պայքարին արաբերէնին տիրապետելու համար, թէ այս պայքարը շարունակեցէք, որովհետեւ կարեւոր պայքար է ան»: Ան աւելցուց ըսելով. «Մենք կ՛ուզենք, որ արաբերէնը ըլլայ դիւրին եւ սրտի մօտիկ, եւ ես վստահ եմ, որ պիտի գայ սերունդ մը, որ յեղափոխութիւն պիտի կատարէ արաբերէնին մէջ»:

Իր կարգին, խօսք առաւ նաեւ 2013-ի «Պայան»-ի մրցանակակիր Քրիստին Ճիպելեան` Հայ կաթողիկէ Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանէն:  Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Կոկիկեան» հիմնարկին «Պայան» ձեռնարկի կազմակերպման համար, որ առիթը կ՛ընծայէ հայ աշակերտին բարելաւելու իր արաբերէնի գիտելիքները եւ անոր մէջ վառ կը պահէ մրցակցութեան ոգին:

Ապա «Կոկիկեան» հիմնարկի անձնակազմէն Արամ Գարատաղլեան բեմ հրաւիրեց 2013-2014 դպրոցական տարեշրջանին հայկական 13  բարձրագոյն վարժարաններէն արաբերէնի բարձրագոյն միջին ապահոված 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններու ուսանողները, որոնք յատուկ յուշանուէրներով պատուըուեցան Ֆլաւի Կոկիկեանի եւ «Կոկիկեան» հիմնարկի վարչութեան կողմէ:

Իսկ «Պայան»-ի 2014-ի մրցանակակիր ուսանողներն էին.

Առաջին մրցանակակիր` Ռոտրիկ Սեփեթճեան (Հայ կաթողիկէ Սրբոց  Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան):

Երկրորդ մրցանակակիր` Միրնա Շերպեթճեան (Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարան – Այնճար):

Երրորդ մրցանակակիր` Լարա Պերոյեան (ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յովակիմեան բարձրագոյն վարժարան):

Բոլոր մրցանակակիրները ստացան նիւթական պարգեւներ, տրամադրուած` «Քրետիթ պանք» դրամատան կողմէ:

Ապա առաջին մրցանակակիր Ռոտրիկ Սեփեթճեան կարդաց իր շարադրութիւնը, իսկ Հռիփսիմեանցի տնօրէն քոյր Արմինէ Մարկարոսեան երկրորդ անգամ ըլլալով ստանձնեց «Պայան»-ի մրցանակը:

Այս առիթով Ուատիհ Սաֆիի «Լպնան» երգը մեներգեց Հայկազեանի ուսանողներէն Նժդեհ Պոտրումեան: Օրուան հանդիսավարն էր Արամ Գարատաղլեան:

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին. Լիբանանի Միջդպրաց Դասերու Գ. Համագումար

Յաջորդը

Տաւութօղլու Հայաստանին Խաղաղութեան Կոչ Ուղղած Է` Շրջանի Տնտեսական Կարելիութիւններէն Օգտուելու Համար

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.