Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդին. Լիբանանի Միջդպրաց Դասերու Գ. Համագումար

November 24, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

1123_tbrats-tasՀովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի միջդպրաց դասերու միօրեայ համագումար մը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 նոյեմբեր 2014-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահին մէջ: Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի զանազան շրջաններու Հայ  առաքելական եկեղեցիներու դպրաց դասերը: Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ քահանաներէն` Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան ողջունելով ներկաները բացումը կատարեց համագումարին: «Մեր ընկերային յանձնախումբի առաջարկը իրականացնելով` այսօր մեր դպրաց դասերը հաւաքուած են հոս, իրարու կը հանդիպին հոգեւոր նոր շունչ ստեղծելով», ըսաւ Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան եւ աւելցուց. «Այս համագումարով պիտի քալենք քայլ առ քայլ արդարացնելով մեր գործունէութեան ծրագիրը, յաջողութիւն բոլորիդ»: Ապա Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան Ս. Աստուածաշունչին ընդմէջէն ներկայացուց «ծառայութեան» գաղափարը:

Դադարէ մը ետք, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քահանաներէն` Մաշտոց քհնյ. Քէշիշեան մանրամասն ներկայացուց մեր եկեղեցւոյ մէջ կարգերու եւ աստիճաններու կարգավիճակը` սկսելով դպիրէն մինչեւ կիսասարկաւագ ու սարկաւագ, թուելով  իւրաքանչիւրին ձեռնադրութեան պայմաններն ու անոնց պարտականութիւնները: Ապա յաջորդաբար ներկայացուեցան Ժունիէի Ս. Յարութիւն, Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց, Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ, Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն, Պէյրութի Ս. Նշան Մայր, Այնճարի Ս. Պօղոս, Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն, Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցիներու դպրաց դասերու կատարած գործունէութեան մասին ամփոփ զեկուցումներ: Արծարծուեցան նաեւ կարգ մը դժուարութիւններ, ինչպէս` երիտասարդ մարդուժի կարիք, եկեղեցիներու դպրաց դասերու հասարակաց միացեալ կանոնագիրքի մշակման պահանջ եւ այլն:

Ապա Կրօնական ժողովի ատենապետ Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը` ներկաներուն փոխանցելով թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի օրհնութեան ու գնահատանքի խօսքը: Ապա ներկաները բաժնուեցան ինը խումբերու` քննելու համար իրենց զեկուցումները եւ բանաձեւելու իրենց առաջարկները: Ներկայացուեցան նաեւ բարեփոխման զանազան առաջարկներ:

 

 

Նախորդը

«Հրաժարիլը Եւ Լիբանանը Առանց Նախագահի Կամ Անիշխան Ձգելը Մեծ Պատասխանատուութիւն Է» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

Յաջորդը

«Կոկիկեան» Հիմնադրամ. Արաբերէնի Փայլուն Ուսանողներու «Պայան» Մրցանքի Մրցանակաբաշխութիւնը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.