Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին նշեց, որ 1988-ին Լիբանան դիմագրաւած է այսօրուան կացութեան նման կացութիւն մը, որուն ընթացքին խանգարուած է նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը եւ նախարարներէն մէկը ունեցած է «Մահացած է Լիբանանը, մահացած է երկիրը» արտայայտութիւնը:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի ճակատագիրը որոշ թուականի մը ընթացքին չէ որ կ՛որոշուի, որովհետեւ Լիբանանը կայ ու պիտի մնայ: Մենք իբրեւ ուժ եւ ժողովուրդ ապրած ենք անցեալը, կ՛ապրինք ներկան եւ պիտի շարունակենք մնալ Լիբանանի ապագային մէջ: «Ժողովուրդն է, որ կը ստեղծէ երկիրն ու հանրապետութիւնը եւ կը գործադրէ գերիշխանութիւնը: Մենք իբրեւ ժողովուրդ ներկայ ենք, մեր պայմանները փոփոխութեան պիտի չենթարկուին. անոնք սկիզբ մը կամ աւարտ մը չեն նկատուիր: Կը մաղթենք, որ յաջորդ տարուան ընթացքին Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւնները տեղի ունենան», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց լիբանանեան բոլոր ուժերուն միանալու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին, որովհետեւ վտանգը կը սպառնայ բոլորին: «Կը փափաքիմ, որ իբրեւ մէկ անձ դիմադրենք Լիբանանի դէմ սպառնացող վտանգներուն», շեշտեց զօր. Աուն` աւելցնելով, որ ինք տխուր է Լիբանանի անկախութեան տօնակատարութիւններուն ջնջուելուն համար:


