ՊՀԱՆԻՆԻ մէջ բանակը ներխուժեց կարգ մը բնակարաններ, ուր ձերբակալեց կարգ մը յանցագործներ, որոնք իր դէմ յարձակումներ գործած էին:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ Տամ եւ Ֆարզ շրջանին մէջ երկու կիներ եւ երեխայ մը առեւանգուեցան անծանօթներու կողմէ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանանի թափուր մնացած նախագահական աթոռը կարելի է լեցնել ժողովուրդին ցաւերը բաժնող ղեկավարով մը, որ այս կամ այն պետութեան հրահանգին ենթակայ չէ:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի Հարիս շրջանի քաղաքապետարանէն 15 միլիոն լ. ոսկի արժողութեամբ գումար մը գողցուեցաւ: Այդ մասին ապահովութեան ուժերուն կողմէ բացուեցաւ հետաքննութիւն մը:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Շաարը մահափորձի ենթարկելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր լուրերը անճիշդ են:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քրիստոնեայ քաղաքական ուժերէն, նշեց, որ յառաջիկայ շաբաթները ճակատագրական պիտի ըլլան` նախագահական ընտրութեան խոչընդոտները լուծելու առումով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով կը տիրէ քաղաքական դրական մթնոլորտ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալի միջեւ ազգային երկխօսութեան առումով մօտալուտ սկիզբ մը նախատեսուած չէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ իրենց նպատակն է զօրակցիլ Լիբանանի քաղաքական ընթացքին, երկրին կայունութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութեան ամրապնդումին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա յայտնեց, որ Թրիփոլին փաստած է, թէ ինք կը զօրակցի օրինականութեան, ինչպէս նաեւ կը կազմէ լիբանանեան բանակը հիւրընկալող ընկերութիւն մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ղազի Արիտի յայտնեց, որ ոչ ոք կրնայ քրիստոնեայ համայնքին վրայ հանրապետութեան նոր նախագահ պարտադրել:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Թրիփոլիէն փախուստ տուած ահաբեկիչ Շատի Մաուլաուի կը գտնուի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը պաղեստինեան խմբաւորումները տեղեակ պահած է, թէ իր մօտ կան այնպիսի տեղեկութիւններ, որոնք կը հաստատեն շէյխ Ահմետ Ասիրի մուտքը Այն Հելուէ գաղթակայան:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնը խանգարող անձնաւորութիւնը Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի պաշտպանութիւնը կարելի կ՛ըլլայ իշխանութեան երեք հզօր պետերու եռեակով, այլ խօսքով` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տարազով` պահպանելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի դիրքն ու դերակատարութիւնը:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ իրենք երկխօսութեան կոչ ուղղած են, որովհետեւ հզօր են եւ կը փափաքին Լիբանանի գերագոյն շահերը ապահովել:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի պահանջեց վերակառուցել երկրին իշխանութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնը տակաւին անյստակ է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ֆրանսական դեսպանատունը մտահոգ է իր դէմ գործուելիք հաւանական բռնարարքներէ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք ընդգծեց, որ բոլոր լիբանանցիները պէտք է առաջնահերթութիւն ընծայեն միասնականութեան եւ ազգային երկխօսութեան:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ յայտնեց, որ հաւատադրժողական շարժումներուն դիմադրութիւնը կը սկսի գաղափարաբանական անկիւնէն:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ Հըզպալլայի մասին Սէուտական Արաբիոյ նոր կեցուածքը իրենք չեն բաժներ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կարելիութիւնները ուղղակիօրէն կապուած են միջազգային որոշումներէ` աւելցնելով, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը բաւական մտահոգիչ է:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Արայժի յայտնեց, որ այսօրուան իրադարձութիւններուն պատճառով նոր իսլամականութիւն մը ծնունդ պիտի առնէ:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի մտայնութիւնը պէտք է որդեգրուի քաղաքական ղեկավարութիւններուն կողմէ, որպէսզի անոնք կարենան անկախանալ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ տարբեր համայնքներէ բաղկացած լիբանանցիներուն 82 առ հարիւրը կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը:


