
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրին նախագահական ընտրութեան նիստը յետաձգեց չորեքշաբթի, 10 դեկտեմբեր 2014-ին, դարձեալ երեսփոխաններու օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով դրական նշոյլներ շօշափելի են, ինչպէս նաեւ կան տուեալներ, որոնք արդիւնք են իր կատարած խորհրդակցութիւններուն:
Պըրրի ընդգծեց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ կը դնէ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան մը սկսելու եւ ընդհանուր մթնոլորտին վրայ անոր դրական ազդեցութիւնը զգալի դարձնելու նպատակով:
Պըրրի յայտնեց, որ կան երեք երաշխիքներ, որոնք կրնան պաշտպանել Լիբանանը. անոնք են` լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, որ պէտք է պահպանել եւ ամրապնդել, լիբանանեան բանակը եւ անոր դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ քաղաքացիական անվտանգութիւնը ամրապնդելու առումով, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան եւ ազգային մակարդակի վրայ անոր իրագործած ու տակաւին իրագործուող նուաճումները:
Նշենք, որ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ ինք Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ կը հետեւի լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու քայլերուն: Ան շեշտեց, որ Պըրրի եւ Ժոմպլաթ ճիգ չեն խնայեր ազգային համաձայնութիւն մը գոյացնելու նպատակով` աւելցնելով, որ այս իմաստով լիբանանեան քաղաքական ուժերուն նպատակը դրական է:
Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութեան սկսելու եւ փոխըմբռնում գոյացնելու լուրջ աշխատանքներ կան:


