
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան նախագահեց առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու նպատակով կազմուած նախարարական ենթայանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն Էտմոն Ֆատել, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախագահ գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսման:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին կապուած վերջին զարգացումները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց կարգ մը երկրորդական դպրոցներու աշակերտներ, որոնց ներկայութեան վերահաստատեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ վարչապետարանը կը պատկանի բոլոր լիբանանցիներուն:
Վարչապետ Սալամ հաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը պարտադրուած է քաղաքական պայմաններուն պատճառով` աւելցնելով, որ անիկա եղած է անիշխանութեան այլընտրանքը:


