Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Յայտարարութիւնը «Ապակառուցողական Է Եւ Բնորոշ Է Նացիականներուն»

November 19, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Դաւիթ Բաբայեան
Դաւիթ Բաբայեան

«Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան երկուշաբթի տարածած յայտարարութիւնը բնորոշ է նացիականներուն եւ ծայր աստիճանի ապակառուցողական է»,  ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան` «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկուշաբթի յայտարարած էր, որ «եթէ հայկական կողմը անգամ մըն ալ փորձէ որեւէ զինուորական գործողութիւն իրականացնել, պատասխան քայլը Ազրպէյճանի կողմէ պիտի ըլլայ հզօր եւ կործանարար, որն ալ պիտի յանգեցնէ բազմաթիւ զոհերու եւ երկար պիտի մնայ թշնամիին յիշողութեան մէջ»:

«Փաստօրէն, բացէ ի բաց կը յայտարարէ, որ պիտի չձգէ հայկական կողմին մօտենալու այդ վայրը, այսինքն` կրակոցներու տակ պիտի պահէ, եւ  բնական է, կը ստեղծէ շատ տարօրինակ իրավիճակ մը. մէկ կողմէ մենք պարտաւոր ենք գիտնալ մեր զինուորներուն ճակատագիրը, միւս կողմէ ատիկա կրնայ յղի ըլլալ նոր զոհերով: Նման կեցուածք թերեւս միայն ցուցադրած են նացիական վարչակարգերը Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահին մամլոյ քարտուղարը:

Դաւիթ Բաբայեանի համոզումով` ժամանակն է, որ միջազգային հանրութեան կողմէ Ազրպէյճանի հասցէին աւելի կարծր յայտարարութիւններ կատարուին:

«Ձեւով մը յայտարարութիւնները կրկին ցոյց կու  տան իրենց հիմնական, մշակուած մօտեցումը, այն է` չէզոք դիրք մը ընդունիլ, դիմել բոլոր կողմերուն, որպէսզի զերծ մնան որոշ քայլերէ: Ասիկա, անշուշտ, լրիւ իրավիճակը չ՛արտացոլեր, ընդհակառակն` նոյնիսկ գուցէ նաեւ Ազրպէյճանի համար այնքան ալ կարծր չեն, միւս կողմէ` այս յայտարարութիւններուն երկրորդ մասը յստակ կը նշէ, որ անթոյլատրելի է ուժային տարբերակը: Ասիկա թերեւս ամէնէն կարեւորն է, բայց կը կարծեմ` ժամանակն է, որ աւելի կարծր յայտարարութիւններ ըլլան», ըսած է Բաբայեան:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ  Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու սահմանագիծին վրայ իրավիճակը, ընդհանուր առմամբ, վերահսկելի է, սակայն հակառակորդը կը շարունակէ մնայուն  կրակոցի տակ պահել «Մի-24» ուղղաթիռի կործանման վայրը` թոյլ չտալով ղարաբաղեան կողմին մօտենալու այդ վայրին:

 

 

 

Նախորդը

Օհանեան Եւ Հեֆըրն Քննարկած Են Կործանած Ուղղաթիռի Անձնակազմին Հարցը

Յաջորդը

Վարչապետը Պատրաստ Է Քննարկումներու` Եռեակի 12 Կէտնոց Պահանջներուն Շուրջ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.