
«Տողան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան որոշումով Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած Մեհմեթ Փաչաճըն իր հաւատարմագիրները յանձնած է Ֆրանչիսկոս պապին եւ սկսած իր պաշտօնական գործունէութեան:
Պապին հետ իր հանդիպումէն ետք թուրք դեսպանը մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին խօսած է պապին Թուրքիա կատարելիք այցելութեան եւ ատկէ ունեցած ակնկալիքներուն մասին:
Փաչաճը անդրադարձած է նաեւ Հայկական հարցին վերաբերեալ Վատիկանի դիրքորոշումին ու ըսած. «Պապը պարբերաբար երկխօսութեան ու խաղաղութեան մասին կը խօսի եւ կը պաշտպանէ այդ գաղափարը: Թուրքիոյ դիրքորոշումն ալ այսօր հայկական կողմին հետ երկխօսութիւն կատարելու օգտին է, խօսակցութիւն սկսիլ կ՛ուզենք: Թուրքիոյ այդ կեցուածքը թէ՛ աշխարհիկ, թէ՛ Վատիկանի հոգեւոր ղեկավարներէն աջակցութիւն պէտք է ստանայ: Երկխօսութիւնը խրախուսող շրջանակները պէտք է աջակցին Թուրքիոյ այդ դիրքորոշումին», ըսած է դեսպանը:

Չիչեք Դարձեալ Անդրադարձած Է 2015-ի Նկատմամբ
Թրքական Վախերուն
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական «կերչեքկիւնտեմ» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք խորհրդարանին մէջ խօսած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ հայկական լոպիի գործունէութեան մասին:
Ահազանգելով հայկական լոպիին կողմէ սկսած քարոզչութեան` Չիչեք դարձեալ խօսած է այն մասին, որ երեսփոխանները պէտք չէ խառնուին այս խնդիրին: «Դուք չէք դատաւորը», յայտարարած է ան` աւելցնելով, որ իրենք մինչեւ 2015 մեծ ջանքեր պէտք է գործադրեն այս ուղղութեամբ:


