
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հոնկ Լէյ յայտարարած է, որ Չինաստան յոյսով է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերը կարենան պահպանել հանդարտութիւնն ու զսպուածութիւն ցուցաբերեն` լարուածութեան աճէն խուսափելու համար:
Մեկնաբանելով վերջին օրերուն շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպը` Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յոյս յայտնած է, որ տագնապը լուծուի երկխօսութեան ճամբով:
Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը կառուցողական դերակատարութիւն պիտի ունենայ այդ հարցին մէջ:


