
Թուրք նախկին դիւանագէտ, Ազրպէյճանի եւ Բրիտանիոյ մէջ Թուրքիոյ նախկին դեսպան Ունալ Չեւիքոզ «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններուն: Ան կը խօսի հայ-թրքական սահմանը բանալու անհրաժեշտութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման մասին:
Ըստ անոր, այնքան ատեն որ հայ-թրքական յարաբերութիւնները տակաւին կարգաւորուած չեն, Կովկասի մէջ կայունութեան հաստատման համար լուրջ դժուարութիւններ պիտի ըլլան: Ան Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները «եռակողմ խառնաշփոթ» կ՛որակէ:
Չեւիքոզ Թուրքիոյ խորհուրդ կու տայ կարգաւորելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ` ատոր զուգահեռ նոր էջ բանալով Կովկասի մէջ: «Կապ չունի, թէ ի՛նչ տեղի պիտի ունենայ եւ ինչպէ՛ս երկու երկիրները պիտի մտնեն 2015, որովհետեւ ատիկա վերջը չէ: Կարեւոր է, որ ի՛նչ պիտի որոշեն Թուրքիան ու Հայաստանը եւ թէ ինչպէ՛ս պիտի դասաւորուին անոնց յարաբերութիւնները ատկէ ետք: Անոնց խաղի նոր կանոններ անհրաժեշտ են», կը գրէ ան:
Ըստ դիւանագէտին, իր դիրքերը ամրապնդելու համար Թուրքիան կրնայ նոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս գալ` փակուղին յաղթահարելու համար: Ատիկա կրնայ ըլլալ Հայաստանի հետ սահմանը բանալով եւ փորձարկելով հայ-թրքական ու հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւնները:
Չեւիքոզ համոզում կը յայտնէ, որ Թուրքիան, բանալով սահմանը, աստիճանաբար պիտի ամրապնդէ իր դիրքերը` դրացիներուն դրդելով նոր բանակցութիւններու, ինչ որ աւելի դրական պիտի ըլլայ, քան նախապէս:


