Թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ Ատանայի կեդրոնին մէջ գտնուող հանրապարտէզներէն մէկուն մէջ կազատար խողովակաշարի անցումի աշխատանքներուն ընթացքին մարդկային ոսկորներ յայտնաբերուած են:
Աշխատանքներ իրականացնող մասնագէտները երկու մեթր խորութեամբ փոս փորած են եւ նկատած մարդկային գանկ ու ոսկորներ: Շարունակելով աշխատանքները` անոնք յաւելեալ երեք գանկ գտած են:
Անոնք տեղեակ պահած են ոստիկանները, իսկ վերջիններս շրջափակելով տարածքը ուսումնասիրութիւններ կատարած են:
Ոստիկանները տարած են փոսին մէջ յայտնաբերուած գանկերն ու բազմաթիւ ոսկորները:
Կայքը կը հաղորդէ, որ այդ տարածքին մէջ Ատանայի հայերուն պատկանած գերեզմանատուն մը եղած է, որ շուրջ 50 տարի առաջ հանրապարտէզի վերածուած է:


