Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Ազրպէյճանցիներու Մասնակցութեամբ Հակահայկական Խորհրդաժողովի Լուսաբանման Համար Շատ Մեծ Գումարներ Ծախսուած Են

November 18, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1112_Aydin«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Այտըն համալսարանին մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած է Հայկական հարցին նուիրուած «Հայկական հարցի ճիշդն ու սխալը» խորագիրով խորհրդաժողով մը:

Արդէն այդ քննարկումին նուիրուած նիւթը իբրեւ գովազդային էջ տեղադրուած է Թուրքիոյ առաւելագոյն տպաքանակ ունեցող թերթերուն մէջ` գրաւելով ամբողջ էջ մը: Այդ մէկը ընելու համար կազմակերպիչները շատ մեծ գումարներ ծախսած են:

Հակահայկական բնոյթ ունեցող այս խորհրդաժողովի բանախօսներուն մեծ մասը ծագումով ազրպէյճանցի գիտնականներ եղած են:

Խորհրդաժողովին ընթացքին խօսք առած է նաեւ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն երեսփոխան Եուսուֆ Հալաճօղլու, որ նշած է, թէ 1915-ը իրաւական տեսանկիւնէ ճիշդ էր, եւ հայերը այդ ժամանակ վտանգաւոր ըլլալու պատճառաբանութեամբ տեղափոխուած են այլ շրջաններ: Ան յայտարարած է, որ «տեղահանութիւնը սփիւռքի եւ հայկական եկեղեցւոյ հնարած սուտն է»: Երեսփոխանին հաւաստումով` այդ ընթացքին ընդամէնը 1673 հոգիի սեփականութիւնը յափշտակուած է:

Ազրպէյճանցի մասնագէտներն ալ շարունակած են թուրք երեսփոխանին խօսքը` նշելով, որ Հայկական հարցը իրականութեան մէջ մտացածին է, եւ անոր ետին Ռուսիան, Ֆրանսան, Բրիտանիան ու Միացեալ Նահանգները կրնան կանգնած ըլլալ:

Խորհրդաժողովի մասնագէտները այս ձեւով կ՛ուզեն ուսանողներուն աւելի «ընդգրկուն եւ առարկայական» տեղեկութիւններ հաղորդել:

 

Նախորդը

Իրենց Զաւակներուն Գլխատումին Մասին Սպառնալիքներ Ստանալէ Ետք Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Սառեցուցին Մայրաքաղաքի Երթեւեկը

Յաջորդը

Ատանայի Մէջ Յայտնաբերուած Են Մարդկային Ոսկորներ, Որոնք Ենթադրաբար Հայերու Կը Պատկանին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.