
Առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնք կը շարունակեն Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ իրենց բողոքի նստացոյցը, իբրեւ մագլցողական քայլեր երէկ առաւօտեան անիւներ հրկիզեցին հրապարակին վրայ:
Ապա անոնց այցելեց երեսփոխանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Հատի Հպէյշ, Ամմար Հուրի, Մոհամետ Հաժժար, Ժամալ Ժարրահ, Ամին Ուեհպէ, Աթեֆ Մաժտալանի, Ֆատի Քարամ, Ապտել Լաթիֆ Զէյն եւ Զիատ Քատիրի:
Պատուիրակութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն:
Պատուիրակութեան անունով երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ բանակայիններուն հարազատները ոչ մէկ կապ ունին բանտարկեալներուն դէմ արձակուող վճիռներուն հետ` աւելցնելով, որ իսլամական բանտարկեալներու թղթածրարին հետ կարելի է իրաւական ձեւերով վարուիլ` նկատի ունենալով, որ անոնց դէմ մահապատիժի վճիռը մեղմացուած է եւ դարձած ցկեանս բանտարկութեան վճիռ:
Ան դիտել տուաւ, որ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը կը կայանայ առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելուն մէջ:
Նշենք, որ արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ իսլամական բանտարկեալներուն դէմ մահապատիժի վճիռը մեղմացուած է ցկեանս բանտարկութեան վճիռին:
Ռիֆի նշեց նաեւ, որ դատական իշխանութիւններն ու առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու յատուկ նախարարական յանձնախումբը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն զանոնք ազատ արձակելու նպատակով:
Աւելի ուշ, առեւանգուած բանակային Խալետ Մուքպել Հասանի կինը ՏԱՀԵՇ-էն ստացաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն մէջ անոր փոխանցուեցաւ, թէ բանակայիններուն գլխատումը յետաձգուած է եւ պիտի գործադրուի կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին:
Հակազդելով այս սպառնալիքին` առեւանգուած բանակայիններուն հարազատները սպառնացին փակել Պէյրութի բոլոր ճամբաները:
Նախ եւ առաջ բանակայիններուն ընտանիքները փակեցին Սայֆիի ճամբան, ապա անոր յաջորդեցին «Նահար» օրաթերթի խմբագրատան մօտակայ ճամբան, ապա նաւահանգիստ տանող ճամբան:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն` աւելցնելով, որ բանակայիններուն թղթածրարը Լիբանանին եւ բոլոր լիբանանցիներուն հարցն է: Ան շեշտեց, որ իրենք լիբանանեան պետութեան հեղինակութեան կառչած մնալով հանդերձ, կոչ կ՛ուղղեն պատասխանատուներուն ճիգ չխնայելու առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու եւ վերջ տալու անոնց հարազատներուն տառապանքին:
Սակայն առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ հանդիպելէ եւ անկէ իմանալէ ետք, որ իրենց զաւակները գլխատելու որոշումը երեք օրով սառեցուած է, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները բացին Պէյրութի եւ Քալամունի բոլոր ճամբաները:
Բանակայիններուն հարազատներուն հետ իր հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը լուրջ է առեւանգող կողմին հետ կատարած իր բանակցութիւններուն մէջ:


