Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ արդէն երեքուկէս տարիէ ի վեր Սուրիոյ մէջ բռնկած պատերազմին Լիբանանի վրայ ունեցած հետեւանքները սկսած են թեթեւնալ` աւելցնելով, որ եթէ Լիբանանի մէջ անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարել կ՛ուզենք, ապա այդ ուղեգիծը յստակ է:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ Հըզպալլա համաձայն է արդի ընտրական օրէնք մշակելու անհրաժեշտութեան` աւելցնելով, որ իրենց համար ամէնէն ճշգրիտ օրէնքը պիտի ըլլայ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որպէսզի Լիբանան կարենայ շրջանցել ներկայ պայմանները:


