ԼԻԲԱՆԱՆԻ Կարմիր Խաչը պաշտօնապէս հաղորդեց, որ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի տարածքին արձանագրուած է 41 արկած, որոնք պատճառած են 5 զոհ եւ 53 վիրաւոր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն բանակներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող զինուորական յարաբերութիւնները:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց չվերադառնալու սուրիական վարչակարգին հետ քաղաքական գործակցութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ յայտնեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքը` նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու իմաստով, յստակ մեղսակցութիւն կը նկատուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Արքուպի մէջ համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ հրահրելը անընդունելի է: Անդրադառնալով խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին` Հաշեմ շեշտեց, որ անիկա լիբանանեան գերագոյն շահերուն նկատառումով կատարուած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ կոչ ուղղեց ամէն ջանք ի գործ դնելու` առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու առումով, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը սուրիական վարչակարգին ճամբով կարելի պիտի ըլլայ իրագործել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Արքուպի մէջ տիրող կացութիւնը ապահով չէ, այլ` մտահոգիչ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը դաւադրութեան համազօր է եւ ժողովուրդին կամքին դէմ գործուած յեղաշրջում:
ՆԱԽԿԻՆ փոխվարչապետ Իսամ Ապու Ժամրա կոչ ուղղեց ընտրելու Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն հեռու, միջին եւ չափաւորական ուղեգիծի տէր նախագահ մը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար յայտնեց, որ Հըզպալլա պիտի զղջայ Սուրիոյ պատերազմին մասնակցելուն համար:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան պաշտօնական աղբիւրներ միջազգային հեղինակութիւններէ ստացած են նամակներ, որոնք կը շեշտեն նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի իր խօսքը ուղղելով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի, հաստատեց, որ Հըզպալլայի զէնքը գոյութիւն ունի պաշտպանելու համար Լիբանանն ու դիմադրելու իսրայէլեան բռնագրաւումին:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի անհրաժեշտ նկատեց, որ այս հանգրուանին Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դառնայ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ իրենք պիտի շարունակեն քաղաքական իրենց ճնշումները բանեցնել` հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել կարենալու համար:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի մէջ արձանագրուած լարուածութիւնները իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան առեւանգուած բանակայինները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն վրայ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ եթէ Սուրիոյ տագնապէն ինքզինք հեռու պահելու Լիբանանի կեցուածքը բառին բուն իմաստով գործադրուէր, ապա երկիրը այս աստիճան ապակայունութեան չէր հասներ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի մօտիկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ Պեքաայի մէջ արձանագրուած ներխուժումները նախաքայլեր են այդ շրջանին մէջ ապահովական ծրագիրներու գործադրութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի Հըզպալլան դատապարտեց Մայրիներու յեղափոխութեան նահատակներուն սպանութեան ետին կանգնելու յանցանքով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ այսօր շրջանին մէջ հաւատադրժողական շարժումը նահանջ արձանագրած է եւ հետզհետէ կը չքանայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան ընդմէջէն է, որ Լիբանան պիտի կատարէ սահմանադրական իր մնացեալ պարտաւորութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ պէտք է օժանդակել առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրին` իր մղած արշաւին մէջ:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, իշխանութեան հերթափոխութեան, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին վերջ մը սահմանելու:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Հըզպալլայի միջեւ որեւէ համաձայնութիւն քաղաքական բնոյթ պիտի ունենայ:


