Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիան Պիտի Անտեսէ Կիպրոսի Հարցով Եւրոպական Խորհրդարանի Բանաձեւը

November 17, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Վոլքան Պոզքըր
Վոլքան Պոզքըր

«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Անատոլու» լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտարարած է, որ Կիպրոսի վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը Թուրքիոյ համար հետեւանքներ պիտի չունենայ:

Կիպրոսի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները վերջին ամիսներուն սրած են կղզիի ջրային տարածքին մէջ թուրքերու կողմէ քարիւղի եւ կազի հանքավայրերու հետախուզութեան պատճառով:

Հոկտեմբերի սկիզբը Անգարա յայտարարած էր, որ այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութեան խնդրանքով հետախուզութեան կը սկսի հոն, ուր Կիպրոսի Հանրապետութեան խնդրանքով արդէն փորման աշխատանքներ կը կատարեն իտալական եւ հարաւային քորէական ընկերութիւնները:

Թուրքիան Կիպրոսի ափերուն մօտ հետազօտական եւ զինուորական նաւեր ուղարկած է: Յունաստանը եւ Կիպրոսը Թուրքիան մեղադրած են ջրային տարածքներու նկատմամբ կղզի պետութեան գերիշխանութիւնը խախտելու մէջ:

Եւրոպայի խորհրդարանին կողմէ որդեգրման պատրաստ բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ Անգարայի գործողութիւնները «անօրինական» եւ «սադրիչ» են: Փաստաթուղթը Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ Կիպրոսի «բացառիկ տնտեսական գօտիէն» անմիջապէս հեռացնելու իր նաւերը:

«Մենք կը յարգենք Եւրոպական խորհրդարանը, սակայն այդ բանաձեւը եւս պիտի արժանանայ այն ճակատագիրին, որուն արժանացած են Կիպրոսի վերաբերեալ նախկին բանաձեւերը: Անիկա վաւերական չէ եւ չի կրնար հետեւանքներ ունենալ Թուրքիոյ համար», յայտարարած է Պոզքըր:

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին. Երկօրեայ Սեմինար` «Հայ Դատի Նոր Մարտահրաւէրներ Եւ Փոխանցման Արդի Միջոցներ» Խորագիրով

Յաջորդը

Տաւութօղլու Եւ Օպամա Քննարկած Են Սուրիոյ Եւ Իրաքի Մէջ Վերջին Զարգացումները

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։