Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օհանեան. «Հակառակորդին Լկտի Գործողութիւններուն Մեր Կողմէ Քիչ Մըն Ալ Անհամաչափ Պատասխան Պիտի Տրուի»

November 15, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1114_Seyran-Ohanian«Այս ռազմափորձը խաղաղութեան նպատակ  կը  հետապնդէ: Մենք այստեղ ենք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան բանակին հետ փորձի փոխանակման համար», հաստատած է Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան` «Միասնութիւն 2014» ռազմափորձի ծիրին մէջ  լրագրողներու հետ երէկուան զրոյցին ընթացքին: Այդ մասին կը յայտնէ «Երկիր»-ի թղթակիցը Արցախէն:

«Զինուորական կեանքը միշտ լարուած է, լի է  զրկանքներով եւ դժուարութիւններով, եւ այս ռազմափորձին դժուարութիւնը ուղղաթիռի հարուածուիլն էր», ըսած է նախարարը եւ աւելցուցած, որ «Միասնութիւն 2014» ռազմափորձին կրակային հանգրուանը ցոյց տուած է, որ հակառակորդին կողմէ մեր ուղղաթիռի կործանումը չազդեց պաշտպանութեան բանակի գործողութիւններուն վրայ:   Սէյրան Օհանեան նշած է, որ թէեւ նախապէս յայտարարուած էր ռազմափորձերուն մասին, սակայն հակառակորդը, ինչպէս միշտ, ցոյց տուած է իր իրական դէմքը` խախտելով միջազգային չափանիշները: «Այդ գործողութիւնները մեզի  համար ցաւալի են, անոնց կողմէ` լկտի, եւ այդ լկտի գործողութիւններուն մեր կողմէ համարժէք եւ քիչ մըն ալ անհամաչափ պատասխան, անկասկած, կը տրուի», ընդգծած է Սէյրան Օհանեան:

Ըստ նախարարին, միջազգային հանրութեան արձագանգը համարժէք էր կատարուածին, թէեւ կարելի էր աւելի խիստ գնահատական տալ: Սէյրան Օհանեանի կարծիքով` խիստ գնահատականներ կ՛ըլլան այն ժամանակ, երբ պարզուի իրողութիւնը: Նախարարը  անգամ մը եւս շեշտած է, որ մեր օդաչուները սահմանը չեն անցած: Պատասխանելով «Երկիր»-ի հարցումին, թէ ի՞նչ քայլեր կ՛առնուին կործանած  ուղղաթիռին մօտենալու համար, Օհանեան ըսած է, որ միջազգային կառոյցներու միջոցով Ազրպէյճանի զինուորական ղեկավարութեան հետ կապ հաստատուած է, որպէսզի կարելի ըլլայ ուղղաթիռին մօտենալ: Նախարարը նշած է, որ այդ ուղղութեամբ այլ քայլեր եւս ձեռնարկուած են:

 

Նախորդը

Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Եւրոպային Ազրպէյճանի Նկատմամբ Զգօնութեան Կոչ Կ՛ուղղէ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեանի Պատգամը Ազրպէյճանին. «Վե՛րջ, Ղարաբաղի Եւ Հայաստանի Դէմ Կռուիլը Կարճ Ու Հաճելի Զբաղում Պիտի Չըլլայ»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.