Իտալիոյ «Ֆորցա Իթալիա» կուսակցութիւնը ազրպէյճանական բանակին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ուղղաթիռին վար առնուելուն կապակցութեամբ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ըսուած է. «Կովկասեան պատերազմի քամիները կը սպառնան դարձեալ պայթեցնել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սառեցուած տագնապը: Ազրպէյճանի բանակը կրակ բացած է անկախ Լեռնային Ղարաբաղի (հայ-քրիստոնեայ) զինեալ ուժերու մէկ ուղղաթիռին վրայ եւ կ՛արգիլէ մօտենալ ու օգնութիւն ցուցաբերել վիրաւորներուն:
«Կը դատապարտենք այս յարձակումը` իբրեւ բացայայտ սադրանք:
«Առաւել եւս, որ հայկական աղբիւրները կը հաստատեն, որ ռազմափորձի ընթացքին ուղղաթիռին վրայ զէնքեր չեն եղած: Վճռականապէս միջադէպը կը դատապարտեն նաեւ Եւրոպական Միութիւնը, ԵԱՀԿ-ը, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան: Մենք կը միանանք անոնց, որովհետեւ ասիկա դաժան եւ վտանգաւոր հետեւանքներով յարձակում մըն է»:


