Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Էլենի Թէոխարուս դատապարտած է Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ուղղաթիռի կործանումը եւ բողոքի նամակ մը ուղարկած է Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքերի` կոչ ուղղելով անոր, որ դէպքին գծով քննութիւն կատարուի:
Նամակին մէջ նաեւ նշուած է, որ Ղարաբաղի հարցին լուծումը միայն ժողովուրդներու ինքնորոշման հիմքով է, որ պիտի կատարուի:


