
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթոլանոն` ներկայութեամբ Պըրրիի տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ալի Համտանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի եւ յատկապէս հարաւային Լիբանանի իրավիճակը:
ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գրասենեակը աւելի ուշ հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ զօր. Փորթոլանօ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ քննարկած է հարաւի կացութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը, յատկապէս Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան առումով:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ Պըրրի եւ Սալամ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնած են ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ ընդգծած, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան:
Միւս կողմէ, զօր. Փորթոլանօ իր կարգին շեշտած է, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը կը շարունակեն իրենց ջանքերը` պահպանելու համար սահմանային Կապոյտ գիծը եւ ամէն ջանք ի գործ դնելու` իրականացնելու համար Լիբանանի խաղաղութիւնը եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը:


