ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ինք լաւատես է նախագահական ընտրութեան առումով, սակայն ոչ ոքի պիտի բացայայտէ այն տեղեկութիւնները, որոնք զինք կը մղեն լաւատես ըլլալու: Ան նշեց, որ ներքին լիբանանեան համախոհութիւնն ու միջազգային ու շրջանային կամքը կարեւոր են` նախագահական ընտրութիւն կատարելու նպատակով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութիւնը արգելակելու հիմնական հարցը կը կայանայ խորհրդարանի օրինաթիւը խախտող քաղաքական ուժերուն արարքին մէջ:
ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր 5 յանցագործներ ամբաստանեց ահաբեկչական կազմակերպութիւններու մաս կազմելու եւ լիբանանեան բանակին դէմ զինեալ յարձակումներ գործելու յանցանքով:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ լիբանանեան լրատուամիջոցները պէտք չէ առիթ ընծայեն, որ Լիբանան վերածուի հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը ներկայացնող հարթակի մը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ճամբան արդէն իսկ խզուած է` ընդգծելով, որ անիկա բնաւ չի կրնար Ժունիէ հասնիլ:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ, շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան կոչ ուղղեց զօրակցելու լիբանանեան բանակին` անոր ապահովելով զէնքն ու զինամթերքը:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան կոչ ուղղեց վաւերացնելու առողջապահական ուտեստեղէնի օրէնք մը եւ դրական վարուելակերպ ցուցաբերելու առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի բարեկարգչական նախաձեռնութեան նկատմամբ:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէէն, յայտնեց, որ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ Պքերքէի յարաբերութիւնները բացառիկ են, անկախ անկէ, որ ան նախագահական ընտրութեան թեկնածու է:
ԻՍԼԱՄ կրօնաւորներու համախմբումը կոչ ուղղեց ամէնէն արագ միջոցին վերջ տալու Արսալի մէջ տիրող կացութեան` ոչնչացնելով լիբանանեան բանակը հարուածող ահաբեկչութիւնն ու հաւատադրժողական ուղեգիծը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւն պիտի չկատարուի:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ յայտնեց, որ երկրին մէջ պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումները պէտք է կառավարութեան կողմէ տրուին եւ ոչ թէ միլիսներու: Նշենք, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան բանբերը երէկ վերահաստատեց, որ Ուաշինկթընի համար Հըզպալլա տակաւին ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ առանց նախագահական ընտրութիւն կատարելու, կարելի պիտի չըլլայ ընտրական օրէնք մը վաւերացնել:
ՓԵՐՈՒԻ մէջ ձերբակալուած լիբանանցի Մոհամետ Ղալեպ դատավարութեան ընթացքին հերքած է այն տեղեկութիւնները, թէ ինք անդամ է Հըզպալլայի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ Սահմանադրական խորհուրդը դարձեալ օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով չկարենայ հանդիպիլ, ապա պէտք է լուծարել այդ խորհուրդը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին ու Դիմադրութեան ներկայութեամբ կարելի պիտի ըլլայ տապալել մտքով թունաւոր բոլոր պատասխանատուները:


