Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ եւ Հըզպալլայի յարաբերական մարզի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Հանդիպումէն ետք իր կատարած յայտարարութեան մէջ Խալիլ յայտնեց, որ իրենց այցելութեան նպատակն է շնորհակալութիւն յայտնել զօր. Աունին եւ հաստատել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ Հըզպալլայի յարաբերութիւնը` շեշտելով, որ իրենք դարձած են մէկ մարմին եւ զիրար կ՛ամբողջացնեն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ դիմագրաւող Լիբանանի նման երկրի մը մէջ բոլորը պէտք է ձեռք ձեռքի տան եւ դիմադրեն զայն հարուածող ալիքներուն:
Խալիլ յստակացուց նաեւ, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու իմաստով Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ տարակարծութիւնը այդ ճղճիմ մանրամասնութիւններէն է եւ անիկա ցուցանիշ է, որ իրենք իրենց դաշնակիցներուն վրայ իրենց կարծիքը չեն պարտադրեր:
«Զօր. Աուն ղեկավար մըն է, որ արտաքին օրակարգերու հիման վրայ չի գործեր: Միջին Արեւելքի մէջ ան քրիստոնեայ համայնքին միակ ղեկավարն է, իսկ ով որ կ՛ուզէ նախագահական պաշտօնին հասնիլ, ապա պէտք է ըլլայ զօր. Աունի նման. ան համախոհական անձնաւորութիւն է եւ ներքին առումով իր որոշումին տէրը», ըսաւ Խալիլ:


