Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Զինեալ Ուժերը Ղարաբաղեան Ուղղաթիռ Հարուածեցին. Կայ Երեք Զոհ

November 13, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1112_helicopterԱզրպէյճանական զինեալ ուժերը  երէկ  զինադադարը խախտելով հարուածած են ղարաբաղեան – ազրպէյճանական սահմանի արեւելեան հատուածի օդային տարածքին մէջ  վարժական թռիչք կատարող Լեռնային Ղարաբաղի օդուժին պատկանող «Մի-24» ուղղաթիռը, հաղորդած է Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Ուղղաթիռի հրամանատարն էր Սերգէյ Սահակեան, որուն կ՛ընկերակցէին երկու օգնականներ` Ազատ Սահակեան եւ Սարգիս Նազարեան:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ապատեղեկատուութիւն կատարելով յայտարարած է, որ հայկական ուղղաթիռը հարուած ստացած է պատասխան կրակով, երբ կը յարձակէր ազրպէյճանական բանակի դիրքերուն վրայ:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան  պնդումով` հայկական զինեալ ուժերուն կողմէ տեղի ունեցող վերջին ռազմափորձերուն ընթացքին հայկական օդուժը երեք օր է` ռազմափորձերուն «սադրիչ» թռիչքներ կ՛իրականացնէր սահմանամերձ գօտիին մէջ, իսկ երէկ փորձած է գնդակոծել ազրպէյճանական դիրքերը:

Ըստ ազրպէյճանական կողմին, «Մի-24»-ը մարտական թռիչք կատարած է Աղտամի շրջանի Քենկերլի գիւղէն 1700 մեթր հիւսիս-արեւելք, յարձակած է դէպի ազրպէյճանական դիրքերը, ուրկէ բացուած կրակը զայն հարուածած է: Ուղղաթիռին բեկորները վար ինկած են սահմանագիծէն 500 մեթր հեռաւորութեան վրայ:

«Երկիր» կը հաղորդէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Արտակ Բեգլարեան իր «Թուիթըր»-ի էջին վրայ կոչ ուղղած է չհետեւելու ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան եւ չտարածելու Ազրպէյճանի կողմէ կործանուած հայկական ուղղաթիռի կեղծ լուսանկարը. «Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները Ղարաբաղի մէջ կործանուած ուղղաթիռին վերաբերեալ կեղծ լուսանկարներ կը տարածեն: Ատիկա ուքրանական պատերազմէն է, մի՛ տարածէք», գրած է Բեգլարեան:

«Հետեւանքները Ցաւոտ Պիտի Ըլլան»

«Այս աննախընթաց լարման հետեւանքները ազրպէյճանական կողմին համար շատ ցաւոտ պիտի ըլլան եւ պիտի մնան Ազրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան խիղճին», անդրադառնալով միջադէպին` գրած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ  քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան «ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ:

«Արցախի սահմանին վրայ ազրպէյճանական կողմէն տեղի ունեցած է աննախընթաց  սադրանք, որ  յանգեցուցած է նաեւ իրավիճակի լարման», նշած  է Յովհաննիսեան` աւելցնելով, «Անմիտ են ազրպէյճանական կողմի այն յերիւրանքները, թէ  իբրեւ թէ հայկական ուղղաթիռները յարձակած են իրենց դիրքերուն ուղղութեամբ եւ իրենք պատասխանած են: Ուղղաթիռի բեկորներուն ուսումնասիրութիւնը կը  հաստատէ, որ ուղղաթիռը զինուած չէ եղած: Իրավիճակի այս լարումը ազրպէյճանական կողմէն կը  շարունակուէր, երբ ուղղաթիռը արդէն ինկած էր: Աւելի՛ն` ազրպէյճանական կողմի կրակոցները  նաեւ առիթ չէին տար, որպէսզի նոյնիսկ  օդաչուներուն մօտենան», ընդգծած է Յովհաննիսեան:

Աբրահամեան Դատապարտեց
Ազրպէյճանի Գործողութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան դատապարտած է Ազրպէյճանի գործողութիւնը: Այս մասին ան ըսած  է երէկ Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին:

ԵԱՀԿ. «Արցախի Մէջ Զինուորական Ուղղաթիռի
Կործանումը Տագնապի Սրման Վտանգ Կը Պարունակէ»

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ  հայկական զինուորական ուղղաթիռի կործանումը սառած տագնապի սրման լուրջ վտանգ կը  պարունակէ: Ըստ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, նման յայտարարութիւն ըրած է Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ  համագործակցութեան կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիեր` Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին հարցերու յանձնախումբի լսումներուն ընթացքին:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական ուղղաթիռ մը ոչնչացուած է, որ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ տագնապի կտրուկ սրման իմաստով», յայտարարած է Լամպերթօ Զանիեր:

Յակոբեան. «Ազրպէյճան Կ՛ըսէ Այն,
Ինչ Որ Ըսած Է Մինչ Այդ»

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Մովսէս Յակոբեան Tert.am-ի հետ զրոյցին ընթացքին նշած է, որ Ազրպէյճանի կողմէ ուղղաթիռ հարուածելով` հակառակորդը կ՛ըսէ, ինչ որ ըսած է մինչ այդ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ այսինքն` պատերա՞զմ կը  ցանկայ, զօրավար Մովսէս Յակոբեան յայտնած է. «Իմ կարծիքովս` այո՛»:

Մովսէս Յակոբեան ըսած է, որ Ազրպէյճանի հետ 1994 թուականին կնքուած զինադադարէն ի վեր այսպիսի դէպք չէ արձանագրուած: Հակառակորդը առաջին անգամ կիրառած է հակաօդային պաշտպանութեան միջոց:

Հայկական կողմէն անպայման պատասխան պիտի  ըլլայ: «Խուճապի մատնուելու կարիք չկայ: Մենք պիտի պարզենք, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է, ապա որոշումներ տանք», ըսած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար զօրավար Մովսէս Յակոբեան:

Արամ Համբարեանի Կոչը Հայութեան

Այս կապակցութեամբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան «ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրած է.   «Այսօր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ  ցոյց տուաւ Ղարաբաղի նկատմամբ իր անխոհեմ կռուազանութիւնը` զինուորական ուղղաթիռ հարուածելով, որուն հետեւանքով զոհուած է  երեք հոգի: Երեք զոհերուն համար աղօթելու, անոնց վշտահար ընտանիքներուն ցաւակցելու եւ Արցախի զինուորներուն հետ ձեր միասնականութիւնը ցոյց տալու համար համացանցին մէջ տեղադրեցէք #ArtsakhStrong գրութիւնը»:

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ Հրաւիրեց

Յաջորդը

Թոթենհամ Եւ Ասթոն Վիլա Տուգանքի Ենթարկուեցան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.