Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ Ասթոն Վիլա եւ Թոթենհամ 20 հազարական փաունտ (շուրջ 32 հազար ամերիկեան տոլար) տուգանքի ենթարկուեցան` նկատի ունենալով, որ անոնք իրարու դէմ իրենց կատարած մրցումին ընթացքին չկրցան իրենց հակակշիռին տակ պահել իրենց մարզիկները:


