Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին. Ֆրանսայի Կառավարութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը Քրէականացնող Օրինագիծ Մը Կը Մշակէ

November 13, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ
Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ

Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարարութեան մէջ կը մշակուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու համար քրէական պատասխանատուութիւն սահմանող օրինագիծ: Այս մասին երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է  Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած  դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ:

Դեսպանը, որ իր հաւատարմագիրները երեքշաբթի յանձնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին, ընդգծած է, որ ֆրանսական կառավարութիւնը նման օրինագիծ մը կը մշակէ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ցուցմունքով:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ հանգրուանի մէջ է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի ընդունումը Ֆրանսայի մէջ, դեսպանը ըսած է. «Ֆրանսայի նախագահին ցուցմունքով կառավարութեան մէջ, իսկ երբ կ՛ըսեմ գործադիր իշխանութիւն, նախ եւ առաջ նկատի ունիմ Ֆրանսայի Հանրապետութեան արդարադատութեան նախարարութիւնը, նոր օրինագիծի մշակման ուղղութեամբ կը տարուին աշխատանքներ, որոնք անպայման նկատի պիտի առնեն Սահմանադրական խորհուրդի դիտողութիւնները: Ի միջի այլոց, իրողութիւնը այն է, որ անցեալ տարուան ապրիլին, երբ Փարիզի մէջ կ՛ոգեկոչուէր Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը, նախագահ Հոլլանտ, մասնակցելով այդ արարողութեան, անգամ մը եւս խօսած է այս մասին: Ինչ կը վերաբերի ժամկէտներուն, այս պահուն ստոյգ ժամկէտ չեմ կրնար ըսել, թէ ե՛րբ այդ նոր օրինագիծը մուտք պիտի գործէ խորհրդարան», ըսած է Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ:

2015-ի Ապրիլին Հոլլանտ Երեւան Պիտի Այցելէ

Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ նաեւ տեղեկացուցած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Հոլլանտ 24 ապրիլ 2015-ին Երեւանի մէջ պիտի ըլլայ` մասնակցելու համար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուելիք յիշատակի արարողութիւններուն:

«Հանրապետութեան նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պաշտօնապէս յայտարարած է, որ յառաջիկայ տարուան 24 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին պիտի ըլլայ  Հայաստանի մէջ», նշած է նոր նշանակուած  դեսպանը:

Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններուն` դեսպան Շարփանթիէ սերտ գնահատած է զանոնք եւ ընդգծած է, որ իրեն յանձնարարուած է աշխուժացնել հայ-ֆրանսական կապերը:

Նախորդը

Օհանեան Պելճիքայի Մէջ Հանդիպած Է Պրիտլովին Եւ Վերշպոուին

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւններու Գործակցութեան Ծրագիր

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.