
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ան շեշտեց, որ խորհրդարանը ճիգ չի խնայեր կատարելու նախագահական ընտրութիւնը եւ վաւերացնելու ընտրական օրէնքը:
Պըրրի վերահաստատեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին դրդապատճառները բոլորին համար ծանօթ են արդէն, եւ անիկա կատարուած է կարիքները կը ջրեն արգելքները տարազին հիման վրայ:
Անդրադառնալով երեսփոխաններուն հասցէին կատարուած ցեխարձակումներու արշաւին` Պըրրի յայտնեց, որ իրենք տակաւին կը զօրակցին տեղեկատուական ազատութեան եւ անոր ազգային դերակատարութեան, սակայն այդ ազատութիւնը այլոց արժանապատուութեան դիմաց պէտք է կանգ առնէ:
Նախագահական ընտրութեան մասին Պըրրի յայտնեց, որ կան որոշ զարգացումներ, որոնց մասին ներկայիս ինք չ՛ուզեր խօսիլ, սակայն կրնայ հաստատել, որ ներքին լիբանանեան առումով կան հաղորդակցութիւններ, ինչպէս նաեւ արտաքին տուեալներ, որոնք լաւատեսութիւն կը ներշնչեն:
Նշենք, որ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուպոմիր Զաորալեքը:
Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի նոր նշանակուած դեսպան Մոհամետ Պատրէտտին Զայետը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:


