
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուպոմիր Զաորալեքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Զաորալեքի Պէյրութ այցելութիւնը ցուցանիշ մըն է միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան, որուն կարիքը ունի Լիբանան` թօթափելու համար ներքին ապահովական անկայունութիւնն ու վտանգները:
Պասիլ յայտնեց, որ քննարկուած են երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան խոստմնալից ապագայ մը կարելի է սպասել:
Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու է Եւրոպական Միութեան հետ կապերը բարելաւելու, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ:
Ան նշեց, որ Զաորալեքին ներկայացուցած է Լիբանանի կառավարութեան տուած վերջին որոշումը` սուրիացի տեղահանուածներուն առումով եւ պահանջած, որ այդ իմաստով կատարուելիք օժանդակութիւնները ուղղակի լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն տրամադրուին:
Պասիլ ընդգծեց ահաբեկչութիւնն ու ահաբեկչական կազմակերպութիւնները արմատախիլ ընելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի դիմաց ցցուած այսօրուան սպառնալիքները պիտի դառնան Եւրոպայի դռները թակող վաղուան մարտահրաւէրները:
Իր կարգին, Զաորալեք ողջունեց լիբանանեան բանակը եւ անոր ցուցաբերած ուժը` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու իմաստով: «Լիբանանեան բանակը առաջին բանակն է, որ կրցաւ յաղթել վտանգաւոր այս խմբաւորումներուն», շեշտեց Զաորալեք:
Ան հաստատեց, որ Չեխիա պատրաստ է Լիբանանին զինուորական օժանդակութիւն տրամադրելու, որպէսզի ան շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պայքարը:
Զաորալեք յոյս յայտնեց նաեւ, որ առեւտրական եւ տնտեսական առումով երկկողմանի համագործակցութիւնը ամրապնդուի:
«Չեխիա մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի Լիբանանին, որովհետեւ Լիբանան շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի լաւագոյն օրինակն է», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած հետեւանքներուն` Զաորալեք ընդգծեց, որ օրինակելի ձեւը այն է, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնուի:
Նշենք, որ Զաորալեք հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:
Չեխիոյ արտաքին գործոց նախարարը այցելեց նաեւ Մոհամետ Ամին մզկիթի շրջափակը գտնուող նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դամբարանը:


