
Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի հետ` ներկայութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի, տեղեկահաւաքի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէն գնդապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի, բարձրաստիճան զինուորականներու, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Խալետ Զիատէի:
Հանդիպումէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ Շուքրի յայտնած է Եգիպտոսի կառավարութեան փափաքը` մնայուն կերպով օժանդակելու Լիբանանին եւ աշխատելու դրական կէտերուն վրայ: «Ան շեշտեց նաեւ Լիբանան այցելելու կարեւորութիւնը», աւելցուց Մաշնուք:
Մաշնուք յայտնեց, որ Եգիպտոս կատարուած այցելութիւնը շատ լաւ է, երկխօսութիւնը մնայուն եւ աշխուժ, իսկ գործակցութիւնը` հին եւ շարունակական: «Պատմականօրէն Եգիպտոս Լիբանանին բարեկամ երկիր է եւ մեծ եղբայր` անոր եւ բոլոր արաբներուն», շեշտեց Մաշնուք:
Մաշնուք Գահիրէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրայի հետ: Շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն շուրջ փոխանակուեցան տեսակէտներ:
Լրագրողներուն հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին, Ազհարի իմամին եւ Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնին հետ իր ունեցած հանդիպումները ձգած են այնպիսի տպաւորութիւն մը, որ Ազհարի եւ լիբանանեան հոգեւոր կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը պիտի ամրապնդուի, որովհետեւ այս հանգրուանին Լիբանան կարիքը ունի ծայրայեղութեան դէմ պայքարին եւ չափաւորականութեան:


