Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանեան. «ՀՅԴ-ն Կը Շարունակէ Հանդէս Գալ Ընդդիմութեան Դիրքերէն»

November 11, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Աղուան Վարդանեան
Աղուան Վարդանեան

«Դաշնակցութիւնը ընդդիմադիր կուսակցութիւն է եւ կը շարունակէ հանդէս գալ ընդդիմութեան դիրքերէն», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան:

Ըստ պատգամաւորին, նախատեսուած էր, որ 10 հոկտեմբերի հանրահաւաքին Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի ըլլային նաեւ Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, սակայն նախապատրաստական շրջանին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի  գործընկերները պնդած են, որ հանրահաւաքին  ընթացքին պէտք է խօսիլ նաեւ իշխանութիւններու նախաձեռնած սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ: Մինչդեռ Դաշնակցութիւնը կողմ է սահմանադրական բարեփոխումներուն:

«Այստեղ է խնդիրը. մենք մեր գործընկերներուն կը բացատրէինք, որ կարելի չէ չորս ուժերով ընել հանրահաւաք, եւ այնտեղ երեքը խօսին մէկուն   դէմ, կամ մէկը խօսի երեքին դէմ», ըսած է Վարդանեան:

Դաշնակցութիւնը համոզում յայտնած է, որ սահմանադրական փոփոխութիւնները եւ քառեակի 12 կէտնոց պահանջներուն կատարումը իրարմէ տարբեր հոլովոյթներ են: Աղուան Վարդանեանի խօսքով` ատիկա կարելի էր պարզապէս չխառնել հանրահաւաքի օրակարգին:

Պատգամաւորը նշած է, որ սկզբունքով իրենք կը բաժնեն հանրահաւաքներու ժամանակ արտայայտուած  տեսակէտները, սակայն սահմանադրական փոփոխութիւններուն դէմ հանդէս գալը կը խանգարէ, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսին նաեւ Դաշնակցութիւնը միանայ, բան մը, որ ըստ Աղուան Վարդանեանի, կը տկարացնէ շարժումը:

«Այն ուժերը, որոնք սկզբունքով միշտ կողմ եղած են խորհրդարանական համակարգին, շատ հանգիստ կրնան առանձին այս հարցով զբաղիլ` չխոչընդոտելով, չխանգարելով միւս բոլոր հոլովոյթները եւ իրենց տեսակէտները յայտնել: Մեր առաջարկը ի՞նչ էր քառեակի մեր գործընկերներուն. կ՛ըսէինք` եկէք միասին մշակենք սահմանադրութեան բովանդակութեան ներկայացուելիք փոփոխութիւնները, պահանջները, որոնք եթէ մենք միասին ընէինք, շատ աւելի կարելի կ՛ըլլար իշխանութիւններուն պարտադրել այդ ուղղութեամբ երթալու»,  ըսած է Վարդանեան:

 

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ . «Ներքին Պայմանները Կրնան Քաջալերել Քաղաքական Ուժերը` Հանրապետութեան Նախագահ Մը Ընտրելու Առումով» Ըսաւ Խազեն

Յաջորդը

Նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն. Այսօր Կը Սկսի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.