Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց երեսփոխան Քամել Ռիֆային, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն հարցով նոր տուեալներ գոյութիւն ունին, սակայն կարելի չէ այդ տուեալներուն մանրամասնութիւնները յայտարարել:
Վարչապետ Սալամ ընդգծեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու կարեւորութիւնը` յայտնելով, որ խորհրդարանի նախագահը վերաշխուժացուցած է ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու ճիգերը:
Կառավարութեան աշխատանքին անդրադառնալով` վարչապետ Սալամ յայտնեց, որ այդ աշխատանքին մէջ որոշ դժուարութիւններ կան, «սակայն հիւսիսային Լիբանանի բարգաւաճման իմաստով նախարարաց խորհուրդը իր տուած որոշումները արդէն սկսած է գործադրել, որովհետեւ առանց բարգաւաճումի կարելի չէ ապահովութիւն հաստատել», ըսաւ ան:


